Գանատան ի վերջոյ պիտի դառնայ 51-րդ նահանգը, քանի որ այլ կերպ ըլլալ չի կրնար: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ, ԱՄՆ գոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն ընդառաջ, Արիզոնա նահանգին մէջ Հանրապետական կուսակցութեան աջակիցներուն առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ:
«Անոնք մեզի պէտք չեն: Մենք պէտք ենք իրենց»,- աւելցուցած է Թրամփ: Ան ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն Գանատայի հետ առեւտրատնտեսական կապերուն պատճառով նախապէս կրած է տարեկան մինչեւ 100 միլիառ տոլարի վնաս:
Թրամփ կը կարծէ, թէ Գանատայի իշխանութիւնները պիտի ընեն նոյնը, ինչ ըրաւ Կրինլենտը:
Սեպտեմբերին Թրամփը, Դանիոյ եւ Կրինլենտի վարչապետներ Մեթթէ Ֆրետերիքսընը եւ Ենս-Ֆրետերիք Նիլսընը ստորագրած են համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի արկտիկական կղզիի անվտանգութեան ապահովման պարտաւորութիւնները Ուաշինկթընին փոխանցելուն:
Թրամփ նախապէս բազմիցս Գանատային կոչ ըրած է մտնելու ԱՄՆ-ի կազմին մէջ: ԱՄՆ նախագահը բազմիցս Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնը անուանած է նահանգապետ: Գանատայի իշխանութիւնները մերժած են ԱՄՆ-ին միանալու հնարաւորութիւնը:
Քարնի Սեպտեմբերի վերջը «The New York Times» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ Գանատայի իշխանութիւնները վերջին մէկ տարուան ընթացքին պատրաստուած են ԱՄՆ-ի կողմէ ռազմական ներխուժման հնարաւորութեան, թէեւ իրադարձութիւններու նման զարգացումը քիչ հաւանական համարած են: