Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ներգաւառներու եւ արտագաւառներու փոխանակման հարցը բանակցային գործընթացի մէջ քննարկուող տարբերակներէն մէկն է։
Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Ներգաւառ-արտագաւառներու խնդիրի լուծման քանի մը տարբերակ կայ։ Իմաստը այն է, որ լուծումը ըլլայ այնպիսին, որ սահմանի երկու կողմերուն ներգաւառներ եւ արտագաւառներ չըլլան, ան քննարկուող բեմագրերէն մէկն է։ Կը զգամ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ ըմբռնումը, որ այսպիսի լուծում մը պէտք է գտնել, աւելի կ՚առարկայանայ, որովհետեւ բոլորս ալ կը հասկնանք, որ միւս բեմագրութիւնը բազմաթիւ խնդիր պիտի յառաջացնէ, առաւել եւս այդ գիւղերու բնակիչներու շրջանակին մէջ՝ ի՞նչպէս պիտի անցնին սահմանը եւ այլն»,- ըսաւ Փաշինեան։
Վարչապետը նշեց, թէ պէտք է հասկնալ, որ տեխնիկական եւ իրաւաբանական առումով այդ լուծումը ի՞նչ ձեւակերպում պիտի ստանայ, օրինակ՝ հանրաքուէի անհրաժեշտութիւն պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ։
«Նախ, պէտք է տեղի ունենայ սահմանազատում, ճշգրիտ տարածքներու տեղորոշում, մենք պէտք է գիտնանք՝ Արծուաշէնը ի՞նչ տարածք կը ներկայացնէ, որ ճիշդ լուծում տանք»,- նշեց ան։
Հայաստանի վարչապետը աւելցուց, որ կը կարծէ, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը խաղաղութեան հաստատութենականացման եզրափակիչ փուլ մտած են եւ կարեւոր է, որ այդ գործընթացը մինչեւ 2031 թուական հասնի իր աւարտին։