Սելին Տիոնի Կերպարով Պարպի Պուպրիկ Պիտի Թողարկուի

հեղինակ՝
15 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«Մաթել» ընկերութիւնը յայտարարած է երգչուհի Սելին Տիոնի կերպարով «Barbie Signature» հաւաքածոյի տիկնիկի թողարկման մասին։ Ան ոգեշնչուած է 1998 թուականին «Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Տիոնի կատարած «My Heart Will Go On» երգով, որ հնչած է «Թիթանիք» ֆիլմին մէջ։

Պուպրիկը կը կրէ երգչուհիին ծանօթ կերպարին կրկնօրինակը՝ երկարաթեւ, մինչեւ յատակ հասնող, ովկիանոսի կապոյտ գոյնի զգեստը, որով Տիոնը ելոյթ ունեցած է «Օսքար»-ի 70-րդ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ՝ 23 Մարտ 1998-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Պուպրիկի հաւաքածոյին մէջ ներառուած է նաեւ «Ովկիանոսի սիրտը» (Heart of the Ocean) ծանօթ վզնոցի կրկնօրինակը։ Ֆիլմին մէջ այդ զարդը կը պատկանէր Ռոզ Տեւիթ Պիւքէյթըրին՝ Քէյթ Ուինսլեթի եւ Կլորիա Սթիուըրթի մարմնաւորումով։

Պուպրիկին նախնական պատուէրները հասանելի դարձած են «Barbie 59 Club»-ի անդամներուն համար՝ 69.99 տոլարով։

ԱնցնիլՎեր