Ուաշինկթընի Հռչակագիրը Պատմական Հնարաւորութիւն Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Կայուն Խաղաղութեան Համար

հեղինակ՝
15 Հոկտեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հռոմի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարաններու նախագահներու եւրոպական համաժողովին։

Համաժողովի ծիրին մէջ «Դիմակայուն ժողովրդավարութիւն, միաւորում ընդդէմ խառնածին սպառնալիքներու» խորագրով քննարկման ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդգծած է ժողովրդավարական դիմակայունութեան ամրապնդման, խառնածին սպառնալիքներուն հակազդելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։

Ռուբինեան ընդգծած է, որ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի համար ոչ միայն հիմնարար արժէք է, այլեւ ազգային անվտանգութեան անբաժանելի բաղադրիչ։ Ան նշած է, որ ապատեղեկատուութիւնն ու արտաքին միջամտութիւնները լուրջ մարտահրաւէրներ են ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ պետութեան ինքնիշխանութեան համար՝ կարեւորելով տեղեկատուական դիմակայունութեան ամրապնդումն ու միջազգային համագործակցութիւնը։

ԱԺ նախագահը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ընտրական ժամանակահատուածին տնտեսութեան կարեւոր ոլորտներուն առնչուող առեւտրային սահմանափակումներուն՝ նշելով, որ տեղեկատուական շահարկումներու եւ քաղաքական ճնշումի հետ մէկտեղ անոնք կը դիտարկուին որպէս աւելի լայն խառնածին արշաւի մաս, որուն նպատակն էր ազդել Հայաստանի ժողովրդավարական ընտրութիւններուն վրայ եւ մեծցնել արտաքին ազդեցութեան լծակները՝ ի նպաստ ընդդիմադիր քաղաքական դերակատարներու։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ ԱԺ նախագահը 8 Օգոստոս 2025-ի Ուաշինկթընի հռչակագիրը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը համարած է պատմական հնարաւորութիւն՝ տասնամեակներու հակամարտութենէն դուրս գալու եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Ան կարեւորած է նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին յառաջխաղացումը՝ ի խնդիր աւելի բաց, կայուն եւ զարգացող Հարաւային Կովկասի։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss