ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Զուիցերիոյ Համադաշնութեան արտաքին յարաբերութիւններու դաշնային վարչութեան ղեկավար Իկնասիօ Քասիսը։
Վարչապետը կարեւորեց Հայաստան-Զուիցերիա յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը եւ այդ առումով ընդգծեց փոխադարձ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու կազմակերպումը։ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ աւելցուց, որ ՀՀ կառավարութեան համար Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն ու վաւերացումը բացարձակ առաջնահերթութիւն է։
Իկնասիօ Քասիս աւելցուց, որ Զուիցերիան եւս կը կարեւորէ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական կապերու զարգացումը։ Ան ողջունեց եւ կարեւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խաղաղութեան հաստատումը՝ յոյս յայտնելով, որ հնարաւորինս շուտ տեղի ունենայ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։