«Բոլոր գործընթացները, այդ կարգին՝ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը, մօտ են»։
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան եւ աւելցուցած, որ բոլոր ոլորտներուն մէջ յառաջընթացը ակներեւ է։
Պատասխանելով հարցումին, թէ ինչու ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը չի մասնակցիր COP17-ի միջոցառումներուն, Սիմոնեան նշած է, որ յարաբերութիւններուն մէջ այս պահուն լարուածութիւն չկայ եւ չի սպասուիր ալ, չմասնակցիլը ատրպէյճանական կողմին որոշումն է: Բացի ատկէ, ամենասուր խօսքը 30 տարի եղած է հարեւան երկրին մասին խօսիլը, տարբեր գնահատականներ հիմա ալ հնչեցնելը։
Սիմոնեան նաեւ ըսած է, որ առիթ ունեցած է Ալիեւին ըսելու այն մասին, որ վերջինիս յայտարարութիւններն ու խօսքերը շատ զգայուն կերպով կ՚ընդունուին, նման խօսակցութիւն եղած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ։