«Իրան մտահոգուած է տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ի ներկայութեամբ, սակայն կը վստահի Հայաստանին»։
Այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղչի։
«Մենք մտահոգուած ենք տարածաշրջանին մէջ եւ մեր շուրջ ԱՄՆ-ի որեւէ ներկայութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք սերտ կապեր կը պահպանենք մեր հայ բարեկամներուն հետ եւ կը վստահինք անոնց»,- ըսած է իրանցի նախարարը։
Արաղչիի խօսքով՝ Թեհրան վստահ է, որ Հայաստանը Իրանի անվտանգութեան դէմ ուղղուած որեւէ քայլ պիտի չձեռնարկէ։