Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլի յայտնած է՝ Թուրքիա կը փափաքի, որ Հարաւային Կովկասի մէջ ամրապնդուին խաղաղութիւնը, հանգստութիւնն ու բարեկեցութիւնը։
Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարարը այդ մասին ըսած է COP17-ի ծիրին մէջ Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ։
Նախարարը յիշեցուցած է, որ 2022 թուականէն Հայաստանն ու Թուրքիան սկսած էին յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց, շեշտելով որ 2026 թուականի Մարտէն այդ գործընթացը նոր թափ ստացած է։
«2022 թուականի Յունուարէն սկսաւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ 2026 թուականի Մարտէն «Թրքական օդային ուղիներ» ընկերութեան թռիչքներուն հետ մէկտեղ այդ գործընթացը նոր թափ ստացաւ։ Հետեւաբար, այս գործընթացի գործնական արտայայտութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր յարգարժան նախագահին հանդիպումները պարոն Փաշինեանի հետ կը շարունակուին այնպէս, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը բարձրացուի աւելի բարձր մակարդակի։ Ի հարկէ, մենք՝ որպէս Թուրքիա, կը փափաքինք, որ տարածաշրջանին մէջ ամրապնդուին խաղաղութիւնը, հանգստութիւնն ու բարեկեցութիւնը։ Եւ, անշուշտ, նկատի ունենալով հոս ստեղծուած իրավիճակն ու առկայ հանգամանքները, կը շարունակենք այդ գործընթացը։ Յուսամ, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացումը եւ կարգաւորման գործընթացի արագացումը շատ կարեւոր ձեռքբերումներու յանգեցնեն ինչպէս երկու երկիրներուն, այնպէս ալ ամբողջ տարածաշրջանին համար»,- ըսած է Եումաքլի։