ԵՄ-ն Աւելցուցած է Ռուսական Հեղուկ Կազի Ներմուծումը

հեղինակ՝
16 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Հակառակ սահմանափակումներուն եւ ռուսական ուժանիւթակիրներէն հրաժարելու Պրիւքսէլի քաղաքականութեան, Եւրոմիութիւնը Օգոստոսի համեմատ Սեպտեմբերին 60%-ով աւելցուցած է Ռուսաստանէն հեղուկացուած բնական կազի ներմուծումը։

Եւրոմիութեան կողմէ գնուած ռուսական հեղուկացուած բնական կազի արժէքը կազմած է 615 միլիոն եւրօ։ Մատակարարումներու ֆիզիքական ծաւալի գրեթէ երեք քառորդը՝ 72%-ը, բաժին ինկած է Ֆրանսայի նաւահանգիստներուն։ Մնացած խմբաքանակները մատակարարուած են Հոլանտա եւ Փորթուկալ։

Հետազօտողները կը նշեն, որ չնայած Սեպտեմբերին մատակարարումներու կտրուկ աճին՝ ռուսական հեղուկացուած բնական կազի ներմուծման ծաւալները տակաւին զգալիօրէն ցած են 2022 թուականի Փետրուարէն առաջ արձանագրուած մակարդակներէն։

Ֆինլանտայի մէջ գործող «Ուժանիւթի եւ մաքուր օդի հետազօտութիւններու կեդրոն»-ին տուեալներով՝ եւրոպական ներմուծման աճը արձանագրուած է ԵՄ-ի մէջ ռուսական հեղուկացուած բնական կազի կարճաժամկէտ պայմանագրերու արգելքի ուժի մէջ մտնելէն հինգ ամիս ետք։ Աւելի առաջ կնքուած որոշ երկարաժամկէտ պայմանագրերով մատակարարումները տակաւին թոյլատրուած են մինչեւ  Յունուար 2027։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss