Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտնած է, որ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ, բայց առանց Զելենսքիի։
«Կը կարծեմ՝ Ռուսաստանն ու Ուքրանիան ի վերջոյ այս կամ այն ձեւով լուծում պիտի գտնեն։ Բայց ան պիտի ըլլայ առանց Զելենսքիի, քանի որ ան չ’ուզեր բանակցիլ»,- ըսած է Թրամփ։ Ամերիկացի նախագահը շեշտած է, որ Ուքրանիոյ նախագահին հետ «դժուար է գործ ունենալ»։
Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովն ալ լրագրողներուն ըսած է, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի խաղաղ կարգաւորման տարբերակներու քննարկումը անհնար է առանց Քիեւի մասնակցութեան։
«Անկախ մեր ցանկութենէն՝ առանց գործող ուքրանական ղեկավարութեան որեւէ բան քննարկել հնարաւոր չէ»,- ըսած է ան։
Թրամփ Զելենսքին մեղադրած է նաեւ քարիւղի գիներու բարձրացման համար, որուն պատճառը, ըստ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին, ռուսական նաւթավերամշակման գործարաններուն ուքրանական հարուածներն են։