Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան նախագահական նստավայրին մէջ հանդիպած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ։
Ողջունելով հիւրը Երեւանի մէջ, նախագահը բարձր գնահատած է անոր ճիգերը միջազգային խաղաղութեան ամրապնդման ու համաշխարհային մարտահրաւէրներուն դիմակայելու ուղղութեամբ եւ կարեւորած է անոր մասնակցութիւնը Առաջնորդներու գագաթաժողովին։
Անթոնիօ Կութերեշ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, որ տպաւորուած է Հայաստանէն ու Երեւանէն, եւ ընդգծած է COP համաժողովի կայացման կարեւորութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային խաղաղութեան նշանակութիւնը ենթակառուցուածքներու եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են Հայաստան-ՄԱԿ երկկողմ ծրագրային համագործակցութեան ու ՄԱԿ-ի բարեփոխումներուն առնչուող հարցերուն։