Երեւանն ու Պիշքեքը դարձան քոյր քաղաքներ

հեղինակ՝
17 Հոկտեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը յայտնած է, որ Երեւանն ու Պիշքեքը դարձան քոյր քաղաքներ։

Ղրղըզստանի Հանրապետութեան նախագահ Սատիր Ժափարովի՝ Երեւան այցի ծիրին մէջ ստորագրուած են երկու քաղաքներու միջեւ քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններ հաստատելու մասին համաձայնագիր։

Ան համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ քաղաքային կառավարման, փոխադրութեան, բնապահպանութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի, առողջապահութեան եւ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss