Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երեւանի Մատենադարանի Պատուիրակութիւնը

հեղինակ՝
19 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը, տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մատենադարանի տնօրէնի գիտական բաժնի տեղակալ Վահէ Թորոսեան, տնօրէնի խորհրդական Գուրգէն Գասպարեան եւ վերականգնման բաժնի աւագ վերականգնողներ Սուսաննա Բաղդասարեան եւ Չինար Մկրտչեան:

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի եւ ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տնօրէն գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեան:

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը՝ իր գոհունակութիւնն ու օրհնութիւնը յայտնեց Մատենադարանին կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն ու բարեփոխումներուն համար: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ բարձր գնահատեց Մատենադարանին առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ ի նշան գնահատանքի, պատուիրակութեան նուիրեց հայկական ձեռագրական եզակի օրինակներէն՝ «Բարձրաբերդի» Աւետարանի նմանահանութիւնը։

Մատենադարանի տնօրէնութիւնը, իր կարգին, Արամ Ա. կաթողիկոսին փոխանցեց Մատենադարանին մէջ վերականգնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւաքածոներէն ձեռագիր հմայիլ մը:

Նշենք, որ ամիսներ առաջ Կաթողիկոսութեան վերադարձուեցաւ Մատենադարանին կողմէ վերականգնած «Սասանցի» Աւետարանը (10-11 դար) եւ արժանացաւ Վեհափառ Հայրապետի բարձր գնահատութեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss