Փարիզի մէջ ուսանող-ցուցարարներ փակած են Լուվրի մուտքը՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով երկրորդական դպրոցի աշակերտներու ցոյցերուն եւ դատապարտելով «ոստիկանական բռնաճնշումները»։
Լուվրի դիմաց փակցուած թռուցիկին վրայ կը նշուի, որ ցուցարարները «հպարտութեամբ կը յայտարարեն» աշխարհի ամենամեծ թանգարանի մուտքի փակման մասին։
Թռուցիկին վրայ նաեւ կը նշուի, որ որոշում կայացուած է թանգարանին մուտքը փակել, «քանի որ կառավարութիւնը երիտասարդական բողոքի ցոյցերուն կ՚արձագանգէ միայն ոստիկանական դաժան ճնշումներով»։
«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք ֆրանսական մշակոյթին նկատմամբ ձեր հետաքրքրութեան եւ ուսման, աշխատանքի, ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի համար մեր պայքարին զօրակցելու համար»,- կ՚ըսուի թռուցիկով։
Ֆրանսայի մէջ կը շարունակուին համազգային բողոքի ցոյցերը։ Ամբողջ երկրին մէջ ձերբակալուածներուն թիւը անցած է 2000-ը։