Իրան սպառնացած է հարուածել Հորմուզի նեղուցէն անցնող ջուրին տակ գտնուող համացանցային մալուխները, եթէ ԱՄՆ նոր յարձակում իրականացնէ երկրին դէմ։ Այս մասին յայտնած է Fars գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ներկայացուցիչ Հոսէյն Մոհեպիին։
Անոր խօսքով՝ նեղուցէն կ՚անցնի եօթը խոշոր ջուրին տակ գտնուող մալուխ, որոնք կ՚ապահովեն համաշխարհային համացանցային տուեալներու եւ առեւտրային տեղեկատուութեան փոխանցումը։ Մոհեպի նախազգուշացուցած է Ուաշինկթընը՝ զերծ մնալ Իրանի դէմ նոր յարձակումներէ։
Իրան Սպառնացած Է Հարուածել Ջուրին Տակ Գտնուող Համացանցային Մալուխները