31 Հոկտեմբերէն պիտի գործարկուի կենսաչափական փաստաթուղթերու ստացման գործընթացի նախագրանցման առցանց հարթակը։
Ինչպէս յայտնած է Ներքին գործերու նախարարութիւնը, հարթակը հնարաւորութիւն պիտի տայ փաստաթղթաւորման դիմում ներկայացնել երկու եղանակով՝
խիստ նոյնականացումով,
առանց խիստ նոյնականացման։
Խիստ նոյնականացումով նախագրանցման գործընթացին քաղաքացին անմիջապէս պիտի ուղղորդուի վճարման էջ եւ ընտրէ սպասարկման իրեն յարմար գրասենեակը։
Առանց խիստ նոյնականացման նախագրանցման պարագային ներկայացուած տուեալները պիտի համադրուին Բնակչութեան պետական ռեգիստրի տուեալներուն հետ։ Տուեալներու ամբողջական համընկնման պարագային քաղաքացին պիտի կրնայ ընտրել սպասարկման օրը, ժամը եւ հասցէն, ինչպէս նաեւ կատարել համապատասխան վճարումը։
Եթէ ներկայացուած տուեալները չհամընկնին Բնակչութեան պետական ռեգիստրի տուեալներուն հետ, քաղաքացին պիտի ուղղորդուի Միգրացիայի եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւն՝ տուեալները ճշտելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային շտկելու համար։
Տուեալներու շտկումէն եւ լիազօր մարմնի կողմէ անոնց հաստատումէն ետք միայն քաղաքացին պիտի կրնայ ամրագրել սպասարկման օրն ու ժամը։
Նախագրանցման հնարաւորութիւնը նշուած օրէն հասանելի պիտի ըլլայ «Հայփաս» ընկերութեան պաշտօնական կայքին վրայ՝ www.haypass.am։