TRIPP Զարգացման Ընկերութիւնը Մշտապէս Պէտք Է Պատկանի ԱՄՆ Կառավարութեան. Միրզոյեան

հեղինակ՝
21 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«Ամրագրուած է, կայ ԱՄՆ կառավարութեան ստորագրութիւնը եւ պարտաւորութիւնը, որ TRIPP զարգացման ընկերութիւնը մշտապէս պէտք է պատկանի ԱՄՆ կառավարութեան եւ չի կրնար օտարուիլ կամ ներգրաւել որեւէ երրորդ կողմ»,- ըսած է արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան, եւ աւելցուցած, որ Միացեալ Նահանգները TRIPP զարգացման ընկերութեան միջոցով պիտի ունենայ հայաստանեան ընկերութեան բաժնեմասերուն 74 տոկոսը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ունենայ բաժնեմասերուն 26 տոկոսը, եւ այս կարգաւորումը պիտի գործէ 49 տարիով։

«Կողմերը կրնան երկարաձգել իրենց իրաւայարաբերութիւնները եւ նախագիծի կենսագործունէութիւնը։ Այս պարագային ինքնաբերաբար՝ առանց ՀՀ-ի կողմէ որեւէ այլ յաւելեալ ներգրաւումի, եւ միանգամայն մեր բաժնեմասերը պիտի դառնան 49 տոկոս, իսկ TRIPP զարգացման ընկերութեան ԱՄՆ-ի բաժնեմասերը՝ 51 տոկոս»,- աւելցուցած է նախարարը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss