«Կազի գինի փոփոխութիւնը կրնայ 5-7 % կամ աւելի ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ»։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի վերաբերեալ ԵԱՏՄ զեկոյցին։
Ան կազի հաւանական թանկացումը անցանկալի որակած է։
«Ընդ որում՝ անոր արդիւնքով որեւէ անելանելի իրավիճակ պիտի չստեղծուի, որմէ ելք չկրնանք գտնել, բայց ան խիստ անցանկալի է։ Մատակարարուող կազի գնային տարբերութեան համար մենք այսպէս թէ այնպէս վճարած ենք կամ կը վճարենք։ Կազի գինի բարձրացումը ցանկալի չէ, սակայն կը կարծեմ, որ ժամանակի ընթացքին շուկայական գիներով կազ գնելը պէտք է տրամաբանական դառնայ։ Յարմարուելու միջոցով մենք պէտք է հասնինք այդ կէտին։
Մենք պէտք է մտածենք ամէն ինչ շուկայական գիներով ձեռք բերելու մասին։ Եթէ որեւէ բան շուկայական գինով չենք գներ, ապա ինչ-որ կերպ, միեւնոյնն է, կը վճարենք անոր համար, քանի որ ոչ մէկ երկիր մեզի որեւէ բան աժան պիտի վաճառէ»,- ըսած է նախարարը։
Անոր խօսքով՝ 2009 թուականի տնտեսական անկումն ու անոր բացասական հետեւանքները տնտեսութեան համար շատ աւելի ծանր էին, քան կրնայ ըլլալ կազի թանկացման պարագան։ Պապոյեանի գնահատումով՝ այն ժամանակ անկումը կազմած էր 15%։