Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը Թուրքիոյ 31 քաղաքացի, այդ շարքին՝ խորհրդարանի երեսփոխան Օմէր Ֆարուք Կերկերլիօղլուն եւ «Նոր բարօրութիւն» կուսակցութեան նախագահ Ֆաթիհ Էրպաքանը, ներառած է անցանկալի անձերու ցանկին մէջ՝ արգիլելով անոնց մուտքը երկիր։
Գերատեսչութեան պարզաբանումով՝ որոշումին համար հիմք ծառայած են ընկերային ցանցերու եւ համացանցային տարբեր հարթակներու վրայ նշուած անձերու տարածած յայտարարութիւնները, որոնք, ըստ ատրպէյճանական կողմին, ուղղուած են երկրի ինքնիշխանութեան, ազգային անվտանգութեան, սահմանադրական կարգի, ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան դէմ։
Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի պնդումով՝ խօսքը նաեւ իշխանութեան բռնի փոփոխութեան, կրօնական արմատականութեան հիմքով բռնութեան, կրօնական ատելութեան եւ թշնամանքի հրահրման կոչերու մասին է։ Անցանկալի անձերու ցանկին մէջ ընդգրկուած են Թուրքիոյ քաղաքական, հասարակական եւ լրատուական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, այդ շարքին՝ լրագրողներ, պլոկըրներ, հրապարակախօսներ, կրօնական գործիչներ եւ քաղաքական կուսակցութիւններու անդամներ։
Անոնց շարքին են նաեւ HÜDA PAR կուսակցութեան փոխնախագահ Եահիա Ուղրաշը, ինչպէս նաեւ լրագրողներ եւ մեկնաբաններ, որոնք կը համագործակցին «Yeni Şafak», «Akit TV», «TV NET» եւ այլ լրատուամիջոցներու հետ։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարած է, որ երկրին դէմ ուղղուած կոչերու եւ թշնամանք հրահրող գործունէութեան առնչութեամբ համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին նաեւ հետագային։