Մեր Երկրի Հաշուին Քարոզարշաւ Կ՚ընեն. Մաքրոն Քննադատած Է Թրամփը

հեղինակ՝
21 Հոկտեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն քննադատած է Ֆրանսայի վերաբերեալ օտարերկրեայ որոշ առաջնորդներու յայտարարութիւնները՝ զանոնք մեղադրելով արհեստական բանականութեան միջոցով ստեղծուած կեղծ բովանդակութիւն տարածելու մէջ։

«Մենք տեսած ենք արհեստական բանականութեան միջոցով ստեղծուած պատկերներ, որոնց մէջ ներկայացուած են դէպքեր, որոնք Ֆրանսայի մէջ երբեք տեղի չեն ունեցած։ Պնդումներ հնչած են, թէ երկիրը ներխուժած են գաղթականներու եւ իսլամիստներու հսկայական խումբեր, ինչ որ լիովին սուտ է»,- յայտնած է Ֆրանսայի նախագահը։

Ան քննադատած է նաեւ այն առաջնորդները, որոնք, իր խօսքով, նախընտրական քարոզարշաւներու ընթացքին կը տարածեն արհեստական բանականութեան միջոցով ստեղծուած բովանդակութիւն կամ կը կրկնեն այն պնդումները, որոնք որոշ խումբեր կը փորձեն ներկայացնել որպէս իրականութիւն. «Երբ կը տեսնեմ, որ տարածաշրջանին մէջ կամ Ատլանտեան ովկիանոսի միւս կողմը նախընտրական քարոզարշաւ իրականացնող առաջնորդները երբեմն միամտօրէն կը կրկնեն արհեստական բանականութեան միջոցով ստեղծուած բովանդակութիւնը կամ կը տարածեն այն, ինչ որ որոշ խումբեր կ՚ուզեն մարդոց հաւատացնել Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցածին մասին, անոնք քարոզարշաւ կ՚իրականացնեն մեր երկրի հաշուին»,- ըսած է Մաքրոն։

Ան աւելցուցած է, որ Ֆրանսա առանց ատոր ալ բաւականաչափ խնդիրներ ունի եւ կը փորձէ զանոնք լուծել համակարգուած, յարգալից, բայց միեւնոյն ժամանակ վճռական ու հաստատակամ կերպով։

«Այդպիսի պահերուն կը հասկնաս, թէ ո՛վ կը սիրէ Ֆրանսան, եւ ո՛վ՝ ոչ։ Բոլոր անոնք, որոնք հիմա վատ կը խօսին մեր երկրի մասին, չեն սիրեր զայն։ Ես կը սիրեմ իմ երկիրս, եւ մենք պիտի ուղղենք տեղի ունեցածը»,- յայտնած է Մաքրոն։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss