Յարութիւնեան Իր Նուաճած RAF-ի Ախոյեանական Գօտին Ներկայացուցած Է Վարչապետ Փաշինեանին

հեղինակ՝
21 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

19 Սեպտեմբերին Մայամիի մէջ կայացած RAF 13 մրցաշարքին 6-3 արդիւնքով ամերիկացի Օսթին Տեսանթոյի նկատմամբ յաղթանակի հասած եւ ախոյեանական գօտին նուաճած Արսէն Յարութիւնեանը գրած է․

«Ինծի համար մեծ պատիւ էր հանդիպիլ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անձամբ ներկայացնել իմ նուաճած RAF-ի ախոյեանական գօտին։ Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան, անկեղծ զրոյցի եւ ցուցաբերած ուշադրութեան համար։

Հանդիպման ընթացքին խօսեցանք հայկական մարմնամարզի ապագային, երիտասարդ սերունդը ոգեշնչելու եւ Հայաստանի մէջ մարմնամարզի զարգացման ուղղուած իմ նպատակներուս մասին։ Ինծի համար իւրաքանչիւր յաղթանակ ոչ միայն անձնական ձեռքբերում է, այլեւ հնարաւորութիւն՝ պատիւով բարձր պահելու Հայաստանի եռագոյնը եւ իմ օրինակով ոգեշնչելու մեր երիտասարդները։

Յառաջիկային նոր նպատակներ են, նոր յաղթանակներ ու մեծ երազանքներ՝ յանուն Հայաստանի եւ հայկական մարմնամարզի ապագային»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss