Զելենսքի Պատրաստ Է Ռազմաճակատի Գիծերու Ներկայ Իրավիճակի Սառեցումով Աւարտելու Պատերազմը

հեղինակ՝
21 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած է, որ պատրաստ է համաձայնելու ռուս-ուքրանական պատերազմի ռազմաճակատի գիծերու սառեցման՝ երկարատեւ հակամարտութիւնը դադրեցնելու նպատակով։ 

Զելենսքի այս մասին ըսած է «Fox & Friends» յայտագիրի եթերին՝ պատասխանելով յայտագիրը վարողի այն հարցումին, թէ արդեօք պիտի համաձայնի՞ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր, որ տարածքներու առումով իրավիճակը պիտի թողէ այնպէս, ինչպէս այժմ է։ Այս պահու դրութեամբ պատերազմի հետեւանքով Ուքրանիա կորսնցուցած է իր տարածքին մօտ 25 տոկոսը։

«Այո, հիմա մենք պէտք է սառեցնենք իրավիճակը։ Կը կարծեմ՝ սա այս պատերազմը աւարտելու իրական ճանապարհ է։ Մենք զայն կը կոչենք զինադադար կամ սպանութիւններու դադրեցում, ինչպէս զայն անուանեց նախագահ Թրամփ։

Սառեցում եւ դադրեցում։ Ի հարկէ, սա այն նուազագոյնն է, ինչ մեզի այսօր պէտք է Ռուսաստանէն։ Այնուհետեւ մենք պիտի դիմենք Թրամփին ու եւրոպացիներուն եւ պիտի խնդրենք ապահովութեան երաշխիքներ»,- ըսած է Վոլոտիմիր Զելենսքի։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss