Ատրպէյճանական մամուլը մանրամասնութիւններ հրապարակած է սահմանը հատած եւ Հայաստանի տարածքին մէջ յայտնուած անձին վերաբերեալ։
Տղամարդը Թովուզի շրջանի Չաթախ գիւղի բնակիչ հովիւ է։
Ըստ առկայ տեղեկութիւններուն՝ տղամարդը պարբերաբար ալքոհոլ կը գործածէ։ Այդ օրը ան գացած է սահմանային գօտիին մէջ անասուններ արածեցնելու, հոն ալ ալքոհոլ գործածած է։ Հարբած վիճակի մէջ անցած է Հայաստանի սահմանը եւ ձերբակալուած է Չինարի գիւղին մօտակայքը։
Հայաստանի սահմանը հատած ատրպէյճանցի հովիւը յայտնաբերած են, եւ ան Բերդ քաղաքի ռազմական ոստիկանութեան մէջ է։