Բրիտանիոյ վարչապետը չէ բացառած ԵՄ վերադառնալու հնարաւորութիւնը

հեղինակ՝
1 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Էնտի Պըրնհեմ յայտնած է, որ Լոնտոն կրնայ վերանայիլ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու ապագան։ Ան չէ բացառած նախ ԵՄ միասնական շուկային եւ մաքսային միութեան միանալը, իսկ հետագային՝ նոյնիսկ ԵՄ լիարժէք անդամակցութիւնը։

Պըրնհեմ նշած է, որ հարկ է ուսումնասիրել տարբերակներու հնարաւորութիւնները, առաւելութիւններն ու թերութիւնները։ Բրիտանիան ԵՄ-էն դուրս եկաւ 2016 թուականի հանրաքուէէն ետք։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ դրական արձագանգած են Պըրնհեմի յայտարարութիւններուն՝ ընդգծելով ԵՄ-ի հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններու հնարաւորութիւնը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss