ՀՀ Ազգային Ժողովը Սահմանեց Եկեղեցւոյ Հարցով Քննիչ Յանձնաժողովի Անդամներուն Թիւը

հեղինակ՝
6 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Ազգային ժողովը 6 Հոկտեմբերի նիստին «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներու 62 կողմ ձայնով ընդունեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առնչուող խնդիրները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի անդամներուն թիւը սահմանելու մասին որոշումը։ Յանձնաժողովը պիտի ունենայ 11 անդամ։ Դէմ եւ ձեռնպահ քուէներ չեն եղած։ «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւններու պատգամաւորները քուէարկութեան չեն մասնակցած։

Որոշման նախագիծը ներկայացուցած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեանը։ Յանձնաժողովի ստեղծման պահանջին մէջ ան նշուած է որպէս յանձնաժողովի նախագահ, իսկ անոր լիազօրութիւններուն ժամկէտը սահմանուած է մինչեւ վեց ամիս։

Ուսումնասիրութեան շրջանակին մէջ ընդգրկուած են եկեղեցւոյ մէջ բարեվարքութեան, ֆինանսական տեղեկատուութեան թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան, եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովներու պատշաճ գումարման, եկեղեցւոյ պատկանող գոյքի օգտագործման, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ պետական իշխանութեան տարանջատման առնչուող հարցեր։

Յանձնաժողովի ստեղծման պահանջին մէջ նախատեսուած է նաեւ հոգեւորականներ ու այլ անձեր նիստերուն հրաւիրելու, անոնցմէ գրաւոր եւ բանաւոր դիրքորոշումներ ու պարզաբանումներ ստանալու հնարաւորութիւն։

Քննիչ յանձնաժողովը իրաւունքի ուժով ստեղծուած էր 2 Հոկտեմբերին՝ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ քառորդին պահանջով։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss