ՀՀ Վարչապետը Եւ ԱԺ Նախագահը Յարգանքի Տուրք Մատուցած Են Հոկտեմբեր 27-ի Զոհերու Յիշատակին

հեղինակ՝
27 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան 27 Հոկտեմբերին յարգանքի տուրք մատուցած են 1999 թուականի 27 Հոկտեմբերի ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին։ Անոնք ծաղիկներ խոնարհած են Ազգային ժողովի տարածքին մէջ տեղադրուած՝ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ։

27 Հոկտեմբերի ահաբեկչութենէն անցած է 27 տարի։ 1999 թուականի այդ օրը զինեալ խումբը ներխուժած էր Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճ։ Զոհուած էին ԱԺ նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, ԱԺ փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանը եւ Ռուբէն Միրոյեանը, նախարար Լէոնարտ Պետրոսեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Միքայէլ Քոթանեանը եւ Հենրիկ Աբրահամեանը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss