Հուսիները Յարձակած Են Սէուտական Արաբիոյ Օդակայաններուն Վրայ

հեղինակ՝
8 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Սէուտական Արաբիոյ օդակայաններուն ուղղութեամբ իրականացուած յարձակումներուն հետեւանքով կայ 3 զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ։

Միջադէպերը տեղի ունեցած են Եմէնի մէջ Իրանի կողմէ աջակցուող հուսիներուն եւ Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորած կառավարական ուժերուն միջեւ մարտերու կտրուկ սաստկացման լոյսին տակ։

Մայրաքաղաք Ռիատի «Քինկ Խալիտ» միջազգային օդակայանին վրայ յարձակման հետեւանքով զոհուած է 1, վիրաւորուած՝ 8 մարդ, իսկ Ապհայի օդակայանին մէջ թիրախաւորուած ենթակառուցուածքներուն հետեւանքով կայ 2 զոհ եւ 28 վիրաւոր։

Ի պատասխան՝ սէուտական գլխաւորութեամբ ռազմական դաշինքը յայտարարած է լայնածաւալ գործողութիւններու մասին՝ ընդգծելով, որ «յարձակումները անպատիժ պիտի չմնան»։ Դաշիհնքի ուժերը արդէն իսկ աւելի քան 80 հարուած հասցուցած են հուսիներու ռազմական յենակէտերուն Սաատա, Հոտէյտա, Ճաուֆ եւ Մարիպ նահանգներուն մէջ։

Հուսիները պալիսթիք հրթիռներով եւ անօդաչու սարքերով հարուածած են նաեւ Ատէնի միջազգային օդակայանը․ հրթիռներէն մէկը ինկած է թռիչքուղիին մօտակայքը՝ Գահիրէէն ժամանող օդանաւի վայրէջքէն վայրկեաններ առաջ։

Վերջին օրերուն ռազմական բախումներու հիմնական կեդրոն դարձած է Պապ էլ-Մանտէպի նեղուցը։ Ան առանցքային նշանակութիւն ստացած է համաշխարհային ուժանիւթակիրներու փոխադրութեան համար, քանի որ ԱՄՆ-Իրան հակամարտութեան պատճառով Հորմուզի նեղուցով առեւտուրը խիստ սահմանափակուած է։

ԱնցնիլՎեր