Եգիպտոսի զինուորականները կը գտնուին Սէուտական Արաբիոյ տարածքին՝ թագաւորութեան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյցները Եմէնի հուսիներու յարձակումներէն պաշտպանելու համար։ Այս մասին յայտնած է Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարար Պատր Ապտ ալ-Աթթի։
«Մենք արդէն ռազմական ներկայութիւն ունինք Սէուտական Արաբիոյ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն խնդրանքով՝ անոնց օգնութիւն ցոյց տալու համար (հուսիներու դէմ պայքարին մէջ), եւ մենք զայն կը զօրացնենք»,- ըսած է նախարարը։
Ան շեշտած է, որ ռազմական ներկայութիւնը կ՚իրականացուի բացառապէս պաշտպանական նպատակներով, այդ կարգին նաեւ իսլամներուն համար սրբազան Մեքքա եւ Մետինա քաղաքները պաշտպանելու համար։
Ինչպէս կը հաղորդէ էմիրաթական «The National թերթը», խօսքը քանի մը հարիւր զինուորականներ, ինչպէս նաեւ զրահասարքեր, հակաօդային համալիրներ եւ «երկիր-երկիր» դասակարգի հրթիռներ Սէուտական Արաբիա ուղարկելու մասին է։ Մասնաւորապէս, սպառազինութիւններու կազմին մէջ ընդգրկուած է եգիպտական Amoun ՀՕՊ համակարգը, որ նախատեսուած է անօդաչու թռչող սարքեր եւ ցած թռչող հրթիռներ որսալու համար։
Ասիկա թագաւորութեան մէջ Գահիրէի կողմէ զինուորականներու եւ սպառազինութեան տեղակայման առաջին պաշտօնական հաստատումն է։