Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հեռատեսիլային հաղորդումի մը ժամանակ յայտնած է, որ երկիրը կրնայ նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպել, եթէ Ռուսաստանը համաձայնի 60-օրեայ հրադադարի։
«Խնդրեմ, ըսէք Փութինին․ տուէք մեզի երկու ամիս, 60 օր լիակատար զինադադարի համար։ 60 օր, եւ մենք պիտի կազմակերպենք ընտրութիւններ», — ըսած է Զելենսքի եւ աւելցուցած, որ «նախագահ Թրամփի նկատմամբ ամբողջ յարգանքով», Ուքրանիոյ քաղաքացիներն են, «որոնք պէտք է ընտրեն մէկ կամ միւս առաջնորդը»։
Հարցումին, թէ ինչո՛ւ ԱՄՆ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ եւ ամերիկացի միլիառատէր Իլըն Մասքը կը մեղադրեն զինք պատերազմը շարունակելու մէջ, Զելենսքի պատասխանած է, որ Ուաշինկթըն չի կրնար «գտնել Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը կանգնեցնելու բանալին»։
«Որովհետեւ Փութինը կանգնեցնելը աւելի դժուար է, քան ուրիշները ճնշելը։ Որովհետեւ աւելի դիւրին է խօսիլ գիներու մասին եւ զանոնք կապել Ուքրանիոյ հետ», — աւելցուցած է ան։