Իտալացի Մասնագէտներու Վերապատրաստում՝ Ի Խնդիր Հայկական Ձեռագրական Ժառանգութեան Վերականգնման

հեղինակ՝
28 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան ձեռագրերու պատասխանատու, հոգեշնորհ Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Փատովայի Փրալիայի աբբայութիւն։

Այցի ընթացքին քննարկուած են աբբայութեան գիրքի վերականգնման տարրալուծարանի հետ համագործակցութեան ամրապնդման եւ Մխիթարեան միաբանութեան ձեռագրական ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման ուղղուած համատեղ ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւնները։

Մատենադարանի տնօրէնը Փրալիայի աբբայութեան վերականգնող մասնագէտները հրաւիրած է մասնակցելու 2027 թուականին Մատենադարանին մէջ կայանալիք «Յիշողութեան կերպարանքները․ ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման նորագոյն ճարտարագիտութիւնները» միջազգային գիտագործնական սեմինարին։ Սեմինարի ծիրէն ներս իտալացի գործընկերներուն համար պիտի կազմակերպուին վարպետութեան դասեր, որոնց ընթացքին անոնք պիտի ծանօթանան ձեռագրերու վերականգնման հայկական աւանդութիւններուն եւ Մատենադարանին մէջ կիրարկուող մեթոտներուն։

Վերապատրաստումէն ետք Մխիթարեան միաբանութեան ձեռագրերու վերականգնման ծրագիրը պիտի թեւակոխէ գործնական փուլ։ Առաջնահերթ պիտի վերականգնուին մշտադիտարկման երկու փուլերու արդիւնքներով առանձնացուած ձեռագրերը։

Մատենադարանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Վենետիկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեանին՝ ցուցաբերած համակողմանի աջակցութեան համար։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss