Ռոնալտոյի Որդին Նորամուտը Նշած Է Փորթուկալի Մ-17 Հաւաքականին Մէջ

հեղինակ՝
13 Նոյեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան «Ալ Նասր»-ի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի աւագ որդին նորամուտը նշած է ֆութպոլի Փորթուկալի մինչեւ 17 տարեկաններու հաւաքականին մէջ։ 16-ամեայ Քրիսթիանօ կրտսերը մասնակցած է Անտորրայի խումբին դէմ Եւրոպայի Մ-17 ախոյեանութեան զոտւմի փուլի խաղին՝ փոխարինման մտնելով 73-րդ վայրկեանին։ Փորթուկալցիները յաղթանակ տարած են 4-0 արդիւնքով։

Քրիսթիանօ կրտսերը հանդէս կու գայ «Ալ Նասր»-ի պատանեկան խումբին մէջ։ Ան նախապէս խաղացած է նաեւ Փորթուկալի Մ-15 եւ Մ-16 հաւաքականներուն մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss