Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ եղած է «ՀՀ վարչապետի գաւաթ» դպրոցականներու լողի մրցաշարի եզրափակիչ փուլին, որ տեղի ունեցած է Ծաղկաձորի գլխաւոր մարզահամալիրի լողաւազանին մէջ՝ ճամբարային ձեւաչափով։
Պարգեւատրման արարողութենէն ետք վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով, շնորհաւորած է յաղթողները եւ ընդգծած՝ մրցաշարի նպատակներէն է առողջ եւ ազնիւ մրցակցութիւնը երեխաներուն մէջ խթանելը։ Երկրի ղեկավարին խօսքով՝ մրցաշարքերու կայացումը կը նպաստէ նաեւ երեխաներուն մէջ խումբային մտածողութեան եւ խմբային տրամաբանութեան զարգացման։ ««Վարչապետի գաւաթ» մրցաշարքերուն մէջ անհատական մրցակարգ չունինք, նոյնիսկ անհատական ձեւերու մրցումները կ՚իրականացուին խմբային մրցակարգով։ Սա շատ կարեւոր է մեր երեխաներուն եւ, ընդհանրապէս, մարդու կեանքին համար։ Նախ՝ իրարու նկատմամբ պատասխանատուութիւն է, որովհետեւ իւրաքանչիւրը գիտէ, որ իր գործադրած ճիգը նաեւ կ՚ազդէ միւսին արձանագրած արդիւնքին վրայ, եւ նաեւ խումբը գիտէ, որ առանց խումբի աջակցութեան անհատը չի կրնար հասնիլ իր առաւելագոյն արդիւնքին»։
Վարչապետին խօսքով՝ մարդը իր խնդիրները պէտք է լուծէ առաջին հերթին իր գործադրած ճիգին շնորհիւ, իսկ որպէսզի ճիգ գործադրուի եւ արդիւնք ըլլայ, պէտք է ըլլայ անհատական հմտութիւն, գիտելիք, կարողութիւն։ «Մենք կ’ելլենք այն կանխավարկածէն, որ իւրաքանչիւր երեխայ, առանց բացառութեան, բացառիկ տաղանդաւոր է, եւ մեր խնդիրն է ամէն ինչ ընել, որպէսզի մեր երեխաներուն տաղանդը բացայայտուի»,– ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան։
Այդ առումով, վարչապետը անդրադարձած է մարզերուն մէջ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու ապահովման կարեւորութեան։