Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու դիւաններուն։
Հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հանրապետութեան նախագահին՝ բարձր գնահատելով անոր շարունակական ճիգերը՝ ամրապնդելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ ներքին խաղաղութիւնը, զարգացնելու երկրին տնտեսութիւնը եւ պահպանելու ապահովութիւնն ու կայունութիւնը։
Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Լիբանանի հողային ամբողջականութեան, պետական գերիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման հրամայականը։ Ան նաեւ ընդգծեց հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած հողերէն Իսրայէլի հեռացման անհրաժեշտութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը վերահաստատեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր աշխարհասփիւռ թեմերով ու համայնքներով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը, զօրավիգ կը կանգնին Լիբանանի անկախութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը ամրացնելու ճիգերուն։
Հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շնորհաւորեց նախագահ Ժոզէֆ Աունը Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով՝ շեշտելով, որ անկախութեան տարեդարձը իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար պէտք է առիթ հանդիսանայ վերահաստատելու իր հաւատարմութիւնը Լիբանանի նկատմամբ։
Իր կարգին, նախագահ Ժոզէֆ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայ համայնքին նշանակալից ներդրումը Լիբանանի հասարակական կեանքին մէջ՝ շեշտելով, որ հայ համայնքը Լիբանանի հասարակութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը կը կազմէ եւ իր գործօն մասնակցութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունի երկրին զարգացման ու բարգաւաճման մէջ։
Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը նախագահ Աունը հրաւիրեց կատարելու վերջերս կառուցումը աւարտած Կաթողիկոսարանի Պէզիքեան համագումարներու նոր կեդրոնին պաշտօնական բացումը։