Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գրառում կատարած է՝ տեղեկացնելով, որ «Կառավարութեան քատրային համակարգ» ծրագրին մասնակցելու համար ներկայացուած է 1141 դիմում։ Քատրային համակարգին մէջ ընդգրկուած է 29 երկրէ 269 թեկնածու։
«Սիրելի՛ ժողովուրդ,
15 Յունիսին աշխարհի առաջատար համալսարաններու շրջանաւարտները հրաւիրած էի իրենց գիտելիքն ու մասնագիտական փորձը ծառայեցնելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման համակարգին։
Այսօր արդէն կրնանք ամփոփել «Կառավարութեան քատրային համակարգ» ծրագրին առաջին փուլի արդիւնքները։
Ընդհանուր առմամբ ստացուած էր 1141 դիմում։ Անոնց ուսումնասիրութեան, հարցազրոյցներու եւ մասնագիտական գնահատման շնորհիւ Կառավարութեան քատրային համակարգին մէջ ընդգրկուած է 269 թեկնածու՝ 29 երկրէ։
Ընտրուած թեկնածուներուն միջին տարիքը 33,3 է, կանայք կը կազմեն 42 տոկոսը։
Առկայ տուեալներով՝ թեկնածուներուն շուրջ 93 տոկոսը ունի հայկական արմատներ, իսկ 7 տոկոսը հայկական ծագում չունեցող մասնագէտներ են։ Այսինքն՝ ծրագրին միացած են ոչ միայն Սփիւռքի մեր հայրենակիցները, այլեւ Հայաստանի հետ մասնագիտական համագործակցութեամբ հետաքրքրուած օտարերկրեայ մասնագէտներ։
Այս պահու դրութեամբ աւելի քան 30 թեկնածուի վերաբերեալ ընդունուած են աշխատանքի կամ նշանակման դրական որոշումներ, իսկ անոնցմէ 16-ը արդէն նշանակուած են բարձր պետական պաշտօններու, անոնց շարքին՝ փոխնախարարներ, յանձնախումբերու ղեկավարներ եւ այլ բարձր պատասխանատուութեան պաշտօններ։
Կառավարութեան մէջ արդէն կը գործէ փակ ելեկտրոնային հարթակ, որու միջոցով նախարարութիւններն ու պետական այլ մարմինները կրնան ուսումնասիրել թեկնածուներուն մասնագիտական թղթածրարները եւ իրենց կարիքներուն համապատասխան մասնագէտներու հետ անմիջապէս կապ հաստատել։
Քատրային համակարգը պիտի շարունակէ գործել եւ համալրուիլ։
Ծրագրին յաջորդ փուլը նախատեսուած է իրականացնել 2027 թուականին։
Շնորհակալ եմ ծրագրին դիմած բոլոր 1141 մասնակիցներուն՝ նախաձեռնութեան նկատմամբ ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ վստահութեան համար»,- գրած է Փաշինեան: