Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան ընդդիմութիւնը զգուշացուց արաբական ընտրացուցակներու հետ կառավարութիւն կազմելէ։
Հինգշաբթի օր ընտրութիւններու արդիւնքներու հրապարակումէն իվեր, Նեթանիահուի ճամբարը կը սաստկացնէ իր ճնշումները արաբական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն վրայ՝ փորձելով սահմանափակել ընտրութիւններուն անոնց արձանագրած յաջողութիւնները։
Արաբական կուսակցութիւնները Իսրայէլի խորհրդարանին՝ Քնեսեթին մէջ ապահոված են 19 աթոռ։