Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ 27 Հոկտեմբերին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով նոր կառավարութիւն կազմելու մանտաթը յանձնած է ոչ թէ գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, այլ ընդդիմութեան առաջնորդ Կատի Այզենքոթին։
«Վերջին օրերուն տարբեր պաշտօնեաներու հետ կայացուցած խորհրդակցութիւններէն ետք ինծի համար պարզ դարձաւ, որ պարոն Այզենքոթը Քնեսեթի անդամներուն մեծամասնութեան յստակ եւ միանշանակ աջակցութիւնը ստացած է այն հարցով, թէ ով աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի կազմելու յաջորդ կառավարութիւնը եւ Քնեսեթի մէջ վստահութեան քուէ ստանալու»,- յայտնած է նախագահ Հերցոկ։
Իր կարգին Կատի Այզենքոթ նշած է, որ Իսրայէլին անյապաղ անհրաժեշտ է նոր ղեկավարութիւն, որուն պիտի վստահի երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը։
«Այսօր ինծի վստահուած մանտաթով ես պիտի ղեկավարեմ ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութեան գործընթացը։ Ան պիտի պահանջէ ստեղծագործական եւ ոչ-սովորական քաղաքական քայլեր։ Իսրայէլը չի կրնար իրեն թոյլ տալ ձգձգել այս գործընթացը կամ վերադառնալ անվերջ ընտրութիւններու շրջապտոյտին»,- յայտնած է ընդդիմութեան առաջնորդը։
Օրէնսդրութեան համաձայն՝ Այզենքոթ ունի 28 օր՝ կառավարական դաշինք կազմելու համար։ Անհրաժեշտութեան պարագային այդ ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ եւս երկու շաբաթով։
Շաբաթ օր Իսրայէլի գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կոչ ըրած էր կազմելու ազգային միասնութեան կառավարութիւն՝ երկրի կառավարման մէջ Իսրայէլի արաբ բնակչութիւնը ներկայացնող կուսակցութիւններու մասնակցութիւնը բացառելու նպատակով։
27 Հոկտեմբերին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով քաղաքական ուժերէն ոչ մէկը յաջողած է ստանալ կառավարութիւնը ինքնուրոյն կազմելու համար անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը։
Խորհրդարանին մէջ ամենամեծ խմբակցութիւնը կազմած է Նեթանիահուի գլխաւորած քաղաքական ուժը, իսկ երկրորդ տեղ յայտնուած է Կատի Այզենքոթի ընդդիմադիր դաշինքը։