Լոնտոնի «Արսենալ»-ի գլխաւոր մարզիչ Միքել Արթեթան ակումբին հետ նոր պայմանագիր կնքելէ ետք գլխաւորած է աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող ֆութպոլային մարզիչներու աղիւսակը։
Սպանացի մարզիչը այսուհետեւ տարեկան պիտի վաստկի մօտաւորապէս 26 միլիոն եւրօ։ Նախապէս անոր աշխատավարձը կը կազմէր մօտ 17,3 միլիոն եւրօ մէկ մրցաշրջանի համար։ Դասակարգման աղիւսակի երկրորդ հորիզոնականը կը գրաւէ «Ալ-Հիլալ»-ը գլխաւորող Սիմոնէ Ինծակին (տարեկան 25,7 միլիոն եւրօ), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՚եզրափակէ «Աթլեթիքօ Մատրիտ»-ի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէն՝ տարեկան 23,2 միլիոն եւրօ աշխատավարձով։
Յիշեցնենք, որ Արթեթայի «Արսենալ»-ի հետ նոր համաձայնագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2030 թուական։ Սպանացին լոնտոնեան խումբը կը գլխաւորէ 2019 թուականի Դեկտեմբերէն եւ 2025/26 մրցաշրջանին խումբը հասցուցած է Անգլիոյ ախոյեանութեան։