Սէուտական Արաբիոյ «Ալ Նասր»-ի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ընկերային ցանցին մէջ յայտնած է Փորթուկալի հաւաքականին մէջ իր ելոյթները աւարտելու մասին։
Ֆութպոլիստը տեսանիւթ տեղադրած է, որ մակագրած է․ «Փորթուկալը յաւերժ պիտի մնայ իմ մէջ»։
41-ամեայ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Փորթուկալի հաւաքականին մէջ նորամուտը նշած է 18 տարեկանին, 20 Օգոստոս 2003-ին, Ղազախստանի ազգային հաւաքականին դէմ ընկերական խաղի մէջ (1-0)՝ փոխարինման մտնելով երկրորդ կիսախաղին։
Փորթուկալի հաւաքականին կազմին մէջ յարձակողը ընդհանրապէս անցուցած է 234 հանդիպում, որոնց ընթացքին դարձած է 146 կոլի եւ 45 կոլային փոխանցման հեղինակ։ Ռոնալտօ Փորթուկալի հաւաքականին հետ դարձած է Եւրոպայի ախոյեան (2016) եւ ՈՒԵՖԱ-ի Ազգերու լիկայի կրկնակի յաղթող (2018-2019, 2024-2025)։