«Անթալիա մեկնելու ծրագրեր, այո՛, ունիմ՝ COP-ին մասնակցելու համար»։
Ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Յիշեցնենք, որ COP31-ը պիտի կայանայ Թուրքիոյ մէջ, 9-20 Նոյեմբերին։
Հոկտեմբերին COP17-ը կայացած է Երեւանի մէջ։ Մասնակցելու համար Թուրքիայէն Երեւան ժամանած էր երկրի շրջակայ միջավայրի նախարարը։