Միրզոյեան` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացներուն Մասին

հեղինակ՝
5 Նոյեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

Հայաստանի Արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութիւնը 2027 թուականին եւս պիտի շարունակէ դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ զարգացման գործընթացները։

Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին այս մասին նշեց արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան։

«Մեր յանձնառութիւնն է՝ րոպէ առաջ հնարաւոր դարձնել Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը, ապա նաեւ վաւերացումը, մինչ այդ մենք, ի հարկէ, պիտի շարունակենք խաղաղութիւնը աւելի ամրապնդող շարք մը քայլեր եւ համագործակցութեան ընդլայնումը, ինչպիսիք են օրինակ երկկողմ առեւտուրը»,- ըսաւ Միրզոյեան։

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի արեւմտեան դրացի՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։

«Թուրքիոյ հետ մեր երկխօսութիւնը բաւական աշխոյժ է եւ արդիւնաւէտ, առանձին համագործակցութեան դրսեւորումներ եղած են եւ պիտի շարունակուին՝ Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերանորոգում, ուսանողներու համար ծրագրեր, հայ-թրքական գործարար համաժողով, առաջինը եղած է Կարսի մէջ, միւսը յաջորդ տարի կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ։ Նախապէս Հայաստան-Թուրքիա առեւտուրը կ՚իրականացուէր երրորդ երկրի միջոցով, այդ խոչընդոտը վերցուեցաւ, այժմ ան մաքսային առումով ուղիղ է, աշխարհագրօրէն՝ տակաւին Վրաստանի տարածքով։ Այո՛, չնայած ամբողջ յառաջընթացին՝ այս պահուն Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը շարունակէ մնալ փակ, բայց այս գործընթացը այնքան հասունցած է, որ մենք որեւէ պահուն կրնանք ունենալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում»,- նշեց նախարարը։

Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ նոյն ոգիով զարգացնել եւ աւելի ամրապնդել ռազմավարական գործընկերութեան յարաբերութիւնները Վրաստանի եւ Իրանի հետ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss