Քաց Սպառնացած Է 1 Միլիոն Պաղեստինցի Վտարել Կազայէն

հեղինակ՝
27 Նոյեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց սպառնացած է վերսկսիլ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնը Կազայի հատուածին մէջ, որուն հետեւանքով 1 միլիոն պաղեստինցի պիտի վտարուի Կազա քաղաքէն։

Ան ըսած է, որ ատիկա պիտի պատահի, եթէ արմատական պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը մերժէ զէնքը վար դնել։

«Կազայի տարածքին 70%-ը ոչնչացուած է, եւ զայն կը վերահսկէ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը, այդ կարգին՝ Ֆիլատելֆիայի միջանցքը՝ մաքսանենգութիւնը, վերազինումը եւ իսրայէլեան բնակավայրերու պաշտպանութիւնը կանխելու համար:

ՀԱՄԱՍ-ի վերահսկողութիւնը մնացած 30%-ին նկատմամբ պատրանք է: Կամ անոնք կամաւոր կերպով կը զինաթափուին, եւ Կազան կ՚ապառազմականացուի՝ համաձայն նախագահ Տոնալտ Թրամփի ծրագրին, կամ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը զանոնք կը զինաթափէ «Կիտէոնի կառքեր 2» գործողութեան ընթացքին, որ պիտի ներառէ մէկ միլիոն կազացիներու նոր տարհանում դէպի հարաւ եւ տարածքին մաքրում՝ հետեւելով Ռաֆահի եւ Պէյթ Հանունի օրինակին (երկու քաղաքներն ալ ոչնչացուած են 2023-էն ի վեր Սթրիփի մէջ մղուող մարտերու ընթացքին)»,- գրած է Քաց «X»-ի մէջ:

Ան աւելցուցած է, որ Իսրայէլը պատրաստ է օգնելու բոլոր պաղեստինցիներուն, որոնք կ՚ուզեն «կազմակերպուած կերպով արտագաղթել աւերուած Կազայէն»:

«Մենք խոստացած ենք ոչնչացնել ՀԱՄԱՍ-ի իշխանութիւնը Կազայի մէջ եւ ազատել Կազան զէնքերէն եւ ահաբեկչական փապուղիներէն եւ այդպէս ալ պիտի ընենք»,- յայտնած է նախարարը:

Քաց այս յայտարարութիւնը ըրած է՝ մեկնաբանելով ՀԱՄԱՍ-ի քաղաքական գրասենեակի տնտեսական բաժնի ղեկավար Խալետ Ապու Նատայի սպանութիւնը։ Ան սպառնացած է, որ նոյն ճակատագիրը կը սպասէ շարժման միւս առաջնորդներուն, այդ կարգին՝ Կազայի հատուածին մէջ անոր ներկայիս առաջնորդ Խալիլ ալ-Հայային։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss