ՀԱՊԿ-ը Հայաստանը Հեռացնելու Հարց Չի Դներ Իր Առջեւ, Հայաստանն է Որոշում Կայացնողը․ Մասատիքով

հեղինակ՝
28 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը Հայաստանը հեռացնելու հարց չի դներ իր առջեւ։

Այս մասին յայտնած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը կը շարունակէ պահպանել հաւաքական անվտանգութեան երաշխիքները։

«ՀԱՊԿ կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածը Հայաստանի նկատմամբ կիրարկելու որոշումը անհրաժեշտ միջոցառում է, որ թելադրուած է ֆինանսական կարգապահութեան պահանջներով։ Երեւանը դադրեցուցած է անդամավճարներու վճարումը 2024 թուականին, իսկ կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը կը սահմանէ, որ երկու տարիէ աւելի պարտքերը կ՚ենթադրեն քուէարկութեան իրաւունքի եւ պատասխանատու պաշտօններու համար թեկնածուներ առաջադրելու իրաւունքի սահմանափակումներ։ Միեւնոյն ժամանակ, ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի հեռացման հարցը չէ բարձրացուած, եւ ան կը պահպանէ հաւաքական անվտանգութեան երաշխիքները»,- ըսած է ան։

Մասատիքով նաեւ նշած է, որ Հայաստանը ինք պէտք է որոշէ՝ արդեօք հետագային պիտի շարունակէ՞ իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին։ Պարտքի մարումէն ետք Երեւանի մասնակցութիւնը կազմակերպութեան աշխատանքներուն կրնայ վերականգնուիլ՝ յայտնած է պաշտօնեան։ 

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss