Թրամփ Չէ Յաջողած Համոզել Google-ը Ատլանտեան Ովկիանոսը Վերանուանել «Ամերիկեան»

հեղինակ՝
23 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Google ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Սունտար Փիչայ մերժած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի առաջարկը՝ Ատլանտեան ովկիանոսը համակարգին մէջ վերանուանել Ամերիկեան ովկիանոս։

Սպիտակ տան ղեկավարը պատմած է, որ հեռաձայնած է Google-ի ղեկավարին՝ առաջարկելով փոխել Ատլանտեան ովկիանոսի անունը։ Ի պատասխան՝ Փիչայ նախագահին կոչ ըրած է նման խնդրանքներով չդիմելու Google-ին։

Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը շեշտած է, որ ովկիանոսներու ափերուն բազմաթիւ երկիրներ կը գտնուին։

Թրամփ իր կարգին յայտնած է, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի հրաժարի Ատլանտեան ովկիանոսի անունը փոխելու փորձերէն։ Այդուհանդերձ, ան կը շարունակէ հաւանական նկատել Խաղաղական ովկիանոսի վերանուանումը։

11 Հոկտեմբերին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնած էր Ատլանտեան կամ Խաղաղական ովկիանոսներէն մէկը վերանուանելու ցանկութեան մասին։ Սպիտակ տան ղեկավարին խօսքով՝ ան կը ցանկար այդ ջրային տարածքներէն մէկը անուանել «Թրամփի ովկիանոս» կամ «Ամերիկեան ովկիանոս»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss