Հայաստանը՝ Աշխարհի Լաւագոյն Զբօսաշրջային Ուղղութիւններու Շարքին

հեղինակ՝
22 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Հայաստանը աշխարհի լաւագոյն զբօսաշրջային ուղղութիւններու շարքին է։

Հեղինակաւոր National Geographic պարբերականը իր «2027-ի աշխարհի լաւագոյն ճամբորդական ուղղութիւնները» յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հայաստանին։

ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէէն կը յայտնեն, որ յօդուածը կ՚ընդգծէ Հայաստանի բնութեան եւ լեռնային բնապատկերներու գրաւչութիւնը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասեան արահետը, որ կարելիութիւն կու տայ բացայայտելու երկրին հեռաւոր անկիւնները, պատմական վանքերն ու գիւղական համայնքները։

«Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ արահետային ենթակառուցուածքներու բարելաւման ուղղուած աշխատանքներուն եւ Հայկական ազգային արահետի զարգացման։

Միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու անդրադարձը կը նպաստէ Հայաստանի՝ որպէս բնութեան, արկածային զբօսաշրջութեան եւ քայլարշաւներու գրաւիչ ուղղութեան ճանաչելիութեան բարձրացման»,- կ՚ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss