Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան ծիրէն ներս փոխանակուած են չնոյնականացուած DNA նկարագրեր, որոնք մինչեւ փոխանակումը համեմատուած են հայկական կողմի տրամադրութեան տակ առկայ նկարագրերուն հետ, եւ համընկնումներ չեն յայտնաբերուած։
Այս մասին յայտնած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։
Գործընթացը, ըստ կառոյցին, տեղի ունեցած է 2026-ի Յունուարին։
Յիշեցնենք՝ 7 Հոկտեմբերին անհետ կորած անձերու հարցերով Դ․ միջազգային համաժողովին Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան պետ, ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորած քաղաքացիներու հարցերով պետական յանձնաժողովի նախագահ Ալի Նաղիեւ յայտնած էր, որ Ատրպէյճան առաջարկած է Հայաստանին տրամադրել DNA-ի նմուշներ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յայտնաբերուած աճիւններու նոյնականացման համար, որոնք ենթադրաբար կը պատկանին հայ զինուորներու։ Անոր խօսքով՝ այդ տարածքներուն մէջ յայտնաբերուած աճիւններու փորձաքննութեան արդիւնքով համապատասխանութիւն չէ յայտնաբերուած հայկական կողմէ անհետ կորած համարուող 50 անձերու DNA նկարագրերուն հետ։
Նաղիեւ նշած է, որ այդ DNA նկարագրերը Հայաստանը փոխանցած է 2026 թուականի Յունուարին։
ՀՀ ԱԱԾ-էն յայտնած են նաեւ, որ անհետ կորած անձերու հարազատներու DNA նկարագրեր ատրպէյճանական կողմին չեն փոխանցուած։