24 Հոկտեմբերը ՄԱԿ-ի Օրն Է

հեղինակ՝
24 Հոկտեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

24 Հոկտեմբերին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հիմնադրութեան 81-րդ տարեդարձն է։

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակէն կը յայտնեն, որ 1945 թուականին ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը նախանշած է աւելի լաւ ապագայ բոլորին համար՝ աշխարհ մը, ուր առկայ են մարդու իրաւունքներ ու հաւասարութիւն բոլորին համար։

1945 թուականի 24 Հոկտեմբերին պաշտօնապէս ուժի մէջ մտած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, երբ այդ փաստաթուղթը վաւերացուցած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հինգ մշտական անդամները եւ ստորագրող երկիրներուն մեծ մասը։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՄԱԿ-ի անդամ դարձած է 2 Մարտ 1992 թուականին։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss