Ի Տարբերութիւն Փութինի՝ Ես Խաղեր Չեմ խաղար Թրամփի հետ. Զելենսքի

հեղինակ՝
24 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած է, որ պատրաստ է համաձայնութիւն կնքելու պատերազմը հնարաւորինս շուտ աւարտելու համար։

«Խաղաղութիւնը այն է, ինչին որ մենք ամէնէն շատ կը ձգտինք»,- ըսած է ան։

Ուքրանիոյ նախագահը կրկնած է՝ կրնան քննարկել ներկայիս ռազմաճակատի գիծով գործողութիւնները սառեցնելու բեմագրութիւնը, որմէ ետք պիտի շարունակեն բանակցիլ։ Միեւնոյն ժամանակ, Զելենսքի շեշտած է՝ Ուքրանիա պիտի չճանչնայ Ռուսաստանի գրաւած տարածքները։

Խօսելով Արեւմուտքի աջակցութեան մասին՝ Զելենսքի յայտնած է, որ ՀՕՊ համակարգերու պակաս ունին, ինչ որ խնդրայարոյց է, յատկապէս՝ ձմրան նախօրէին։

Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ուաշինկթընի եւ Քիեւի յարաբերութիւնները ըլլան ամուր, անկեղծ, բարեկամական եւ զերծ թիւրիմացութիւններէ։

«Ես Թրամփի հետ խաղեր չեմ խաղար։ Աւելի լաւ է ունենալ ինծի նման գործընկերներ, որոնք երախտապարտ կ’ըլլան, երբ իսկապէս այդպէս կը զգան, քան ամէն վայրկեան շնորհակալութիւն յայտնել՝ վերջաւորութեան նմանելով Փութինին, որ ցուցադրաբար չափազանց երախտապարտ կը ձեւանայ, բայց հազիւ կռնակդ դարձնես՝ դանակը կը խրէ թիկունքդ»,- յայտնած է Զելենսքի։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss