Նիկոլ Փաշինեան Բարձր Արհեստագիտութեանց Մարզին Մէջ Համաշխարհային Ներդրումի Համար ՀՀ Պետական Մրցանակ Յանձնած Է Քեմ Ղաֆֆարեանին

հեղինակ՝
4 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ամերիկեան IBX, X-energy եւ Quantum Space ընկերութիւններու համահիմնադիր Քեմ Ղաֆֆարեանը, որ 2026-ի Բարձր արհեստագիտութեանց մարզին մէջ համաշխարհային ներդրումի համար ՀՀ պետական մրցանակի դափնեկիրն է։

Վարչապետը շնորհաւորած է Քեմ Ղաֆֆարեանը Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակին արժանանալու առիթով եւ նշած է, որ ան կ՚արտացոլէ վերջինիս ակնառու նուաճումները եւ նշանակալի ներդրումը տիեզերական եւ եռանդային մարզերու վերափոխման գործին մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է Ղաֆֆարեանի ներդրումը համաշխարհային տիեզերական արդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ եւ համագործակցութեան յոյս յայտնած է։

Քեմ Ղաֆֆարեան շնորհակալութիւն յայտնած է գնահատանքին համար եւ ընդգծած է Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութեանց մարզի զարգացման մեծ հեռանկարները։ Միաժամանակ, ան նշած է, որ պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու հայաստանեան գործընկերներու հետ՝ նպաստելով տիեզերական մարզին մէջ ծրագրերու իրականացման եւ կարողութիւններու զարգացման։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss