Հայաստանը Հոկտեմբեր 31-էն սկսած է իր քաղաքացիներուն կենսաչափական անձնագրեր եւ նոյնականացման քարտեր տրամադրել։ Այս համակարգի ներդրումը Հայաստանի անձնագրային եւ նոյնականացման փաստաթուղթերու համակարգի համապարփակ բարեփոխման անկիւնաքարն է, որ աւելի կը մերձեցնէ Հայաստանն ու Եւրոպական միութիւնը։ Այդ մասին յայտարարութիւն տարածած է ԵՄ հայաստանեան գրասենեակը։
«ԵՄ-ի հետ առանց վիզայի վարչակարգի հաստատման կարեւոր նախապայմաններէն են ապահով կենսաչափական անձնագրերու եւ նոյնականացման վստահելի համակարգերու ներդրումը, որոնք թոյլ պիտի տան կանխել կեղծիքները եւ պաշտպանել անձնական տուեալները։
Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի միջեւ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը կ՚իրականացուի յստակ կառուցուածքային գործընթացի ծիրէն ներս՝ ընդգրկելով առանցքային ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու յստակ չափանիշեր, ինչպէս՝ փաստաթուղթերու ապահովութիւնը, սահմաններու կառավարումը, գաղթը, իրաւապահ գործունէութիւնը եւ մարդու իրաւունքները։ Կենսաչափական նոյնականացման համակարգի ներդրումը շօշափելի յառաջընթաց է ճամբորդական փաստաթուղթերու ապահովութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։
ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոս եւ Եւրոպական յանձնաժողովի գաղթի եւ ներքին գործերու գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Եոհաննէս Լուխներ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ միասին մասնակցած են այս կարեւոր իրադարձութեան մեկնարկի հանդիսաւոր արարողութեան։
Եւրոպական միութիւնը ուրախ է աջակցիլ այս կարեւոր բարեփոխման՝ Հայաստանի համար «Դիմակայունութեան եւ աճի ծրագրի» ծիրէն ներս։
Յառաջիկայ տարուան մէջ բազմոլորտային պիւտճէական աջակցութեան ծրագրի ծիրէն ներս պիտի յատկացուի աւելի քան 6 միլիոն եւրօ, իսկ Լիթուանիոյ ներքին գործերու նախարարութեան կողմէ իրականացուող 2 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ծրագրի միջոցով կը տրամադրուի թեքնիք աջակցութիւն։
Յիշեցնենք, որ ԵՄ-Հայաստան վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը մեկնարկած է 2024 թուականի Սեպտեմբերին։ Ան հիմնուած է գործողութիւններու ծրագրի վրայ, որ կ՚ընդգրկէ բարեփոխումներու յստակ նպատակներ չորս ուղղութեամբ՝
Ճամբորդական փաստաթուղթերու ապահովութիւն
Սահմաններու, գաղթի եւ ապաստանի կառավարում
Հասարակական կարգի եւ ապահովութեան հարցեր
Ազատ տեղաշարժի հետ կապուած հիմնարար իրաւունքներ: