Հայաստան աշխոյժ եւ սերտ համագործակցութիւն սկսած է Եւրոպական միութեան հետ՝ խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարի ուղղութեամբ։
Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 10 Նոյեմբերին, Փարիզի խաղաղութեան 9-րդ համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած «Չնահանջելով. ինքնիշխանութիւնը խառնածին սպառնալիքներու դարաշրջանին մէջ» խորագրով քննարկման։
Անդրադառնալով ապատեղեկատուութեան նիւթին՝ ան նշած է, որ զայն կանխելու համար թափանցիկութիւնը կրնայ շատ յուսալի գործիք ըլլալ, քանի որ բաց հասարակութիւններու մէջ, երբ տեղեկատուութիւնը հասանելի է, շատ աւելի դժուար է ապատեղեկատուութիւն պարտադրել։
«Ի հարկէ, թափանցիկութեան հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներ եւ կողմնակի հետեւանքներ կան։ Շատ դիւրին է բանաձեւը ձեւակերպել, սակայն կիրարկման փուլին բազմաթիւ խնդիրներ կ’առաջանան։ Ինչ կը վերաբերի ընդհանրապէս համացանցային աապահովութեան, ապա անոր գործիքներն ու համակարգերը պէտք է կառուցել եւ շարունակաբար զարգացնել, քանի որ ակնյայտ է, որ ապատեղեկատուութեան եւ խառնածին սպառնալիքներու գործիքները կը զարգանան շատ աւելի արագ, քան մենք կ՚ակնկալէինք»,- շեշտած է Փաշինեան։
Անոր համաձայն՝ այդ պարագային միջազգային համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է, քանի որ փորձառութեան փոխանակումը, կարողութիւններն ու գիտելիքը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունին։ «Եթէ ինչ-որ բան ինչ-որ տեղ արդէն պատահած է, ապա ան այլ վայրերու մէջ ալ հաստատ տեղի պիտի ունենայ։ Պէտք է նախապէս տեղեկացուած ըլլալ, եւ, իմ կարծիքով, ատիկա պիտի օգնէ պատրաստ ըլլալու նմանատիպ տարբեր իրավիճակներու։ Ես կը կարծեմ՝ որպէս տարբերակ, որպէս գաղափար կարելի է ստեղծել որոշակի ընդհանուր տեղեկատուական դաշտ, ուր հնարաւոր պիտի ըլլայ իրարու հետ փոխանակել տեղի ունեցածին մասին տեղեկութիւններ, քննարկել, թէ արդեօք յաջողած է կառավարել իրավիճակը, իսկ եթէ յաջողած է, ապա ի՞նչպէս։ Ատիկա կրնայ օգտակար ըլլալ բոլոր մասնակիցներուն եւ բոլոր երկիրներուն համար»,- ըսած է ան։
Քննարկման մասնակցած են նաեւ Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետան եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահ Կորտանա Սիլեանովսքա-Տավքովան։